Այս բոլորին իրաւական հիմնաւորում տուած է Երեւանը` ճանչնալով Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ. «Ազդակ»
Պաքուն սառնասրտօրէն կը դիմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան, պարզ այն պատճառով, որ լաւ կը գիտակցի, որ միջազգային ընտանիքը որեւէ ազդեցիկ ճնշամիջոցի պիտի չդիմէ ապաշրջափակելու համար Արցախը: Համոզուած է, որ ռուս խաղաղապահները պիտի չպարտադրեն անցակէտերը հանել կամ ընդհանրապէս շրջափակումին վերջ տալ: Գիտեն, որ հանգիստ կրնան խախտել եռակողմ համաձայնութիւնները եւ մնալ անպատիժ:
Պաքուն լաւ գիտէ, որ Արցախի ամբողջական շրջափակումին դիմաց, Եւրոպական Միութիւնը դիտորդական առաքելութեան նոր խմբաքանակ պիտի ուղարկէ միջանցքի հայկական հատուած` իրավիճակի իրազեկման համար, այս անգամ «պարեկային առաքելութիւն» անուան տակ: Եւրոպայի շրջանակներուն մօտ պիտի շարունակեն բացակայիլ պատժամիջոցներ որդեգրելու որոշումները եւ նոյնինքն ԵԱՀԿ-ի հռչակագիրներով հաստատուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի վերարծարծումը:
Ռուսական չէզոքութիւնն ու հաւասար հեռաւորութիւնը միջնորդութիւն պահպանելու առաջադրանքը ունին. մինչ Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը նպատակադրած են ռուսական գործօնի հակակշռումը կամ ուղղակի դուրս մղումը: Այս պատճառներով ալ հիմնական նշանակութիւն չունի աշխուժ միջնորդներուն համար Արցախի ամբողջական շրջափակումին անյապաղ վերջ տալը:
Այս բոլորին սակայն իրաւական հիմնաւորում տուած է Երեւանը` ճանչնալով Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Հիմա համահայկական օրակարգի առաջնային կէտը Արցախի ապաշրջափակումն է: Դիւանագիտութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ, ցոյցեր, բողոքներ, յուշագիրներ, հանրային կարծիքի ցնցում եւ միջնորդութիւն նախաձեռնած երկիրներու մօտ անդադրում աշխատանք` վերցնելու համար շրջափակումը: Նպատակաուղղուած, թիրախային աշխատանք նախ եւ առաջ ա՛յս օրակարգով: Փրկե՛լ արցախահայութիւնը սովամահութենէ եւ ցեղային զտումէ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:
Ավելացնել նոր մեկնաբանություն